ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ: Աղօթք Առաջին
Ցաւոտ գլուխս լուսամուտէն դուրս,
Նայուածքս յառած անհուն երկնքին`
Տէ՜ր, քեզ կը փնտռեմ։
Երբ մարդու միտքը դիւային,
Աստղածորան երկնքի լոյսը դէն շպրտած`
Մխրճուած է խաւար անդունդի
Ընդերքներուն մէջ.
Երբ մարդու հոգին մթագնած,
Ուրուրի թեւեր հագած
Ահով պատած է տիեզերքն ամբողջ.
Երբ խիղճը, խիղճը մարդկային,
Այդ ոչինչը, այդ ամէ՜ն ինչը
Մռայլ փողոցին անկիւնը նետուած
Աղերսանքը լուռ, աչքերը սառած
Բիբերը վեր, դէպի վեր յառած
Կը փչէ հոգեվարքի իր վերջին շունչը,
Ահա այս պահուն, այս տագնապալից
Լուռ ու մռայլ խաւարին մէջ,
Կը փնտռեմ երկա՜ր, Լոյսդ պայծառ,
Լոյսդ` փարոս, Լոյսդ` փրկիչ,
Ո՜վ ամենակալ։
Մէջս բոյն դրած բարկութեա՜մբ է յորդ
Որ կը դիմեմ Քեզ.
Խօսելու ժամը անցած է արդէն,
Վաղուց անցած է… ես պիտի գոռամ.
Պիտի գոռամ լրիւ էութեամբ,
Երակներս բուխ` արեամբ իմ եռուն,
Բազուկներս` լայն, սիրտս`սրսփուն
Պիտի գոռա՜մ…
Պիտի գոռամ, քանի տակաւին
Միւռոնդ դրոշմուած կը մնայ
Ճակտիս ու կուրծքիս, լեզուիս ու ձեռքիս,
Ու գերզգայուն էակիս վրայ…:
Պիտի գոռամ,
Քանի դեռ կը հաւատա՜մ.
Քանի դեռ կը յուսա՜մ
Քանի կը սիրե՜մ
Ու քանի դեռ կա՜մ…
Կը հաւատամ, որ աղաղակս պիտի ճեղքէ լռութեան պողպատեայ պատը ու հասնի դէպ’ Քեզ…
Քեզ հասնի, ո՜վ Տէր։
Հրաշագործ ու բարերար Տէր Աստուած մեր,
Այն հողանիւթը, զոր ստեղծեցիր,
Մարդ կոչուելու ալ արժանի չէ…
Մարդ կոչուելու արժանի չէ, երբե՜ք:
Ե՞րբ է այն պահը,
Այն հրաշափառ, լուսաւոր պահը,
Երբ խաւարի ընդերքները սուզուած միտքը մարդկային
Քեզ անսալով, պիտի սլանայ դէպ’ վեր
Ու երկնային շողերով մաքրէ
Իր սնապաշտ, պղծուած ներսիդին:
Ե՞րբ է պահը, այն հրաշք պահը
Երբ գուրգուրոտ, փրկարար Ձեռքդ
Ուրուրի թեւերը դէն շպրտելով
Աստուածային շոյանքով պիտ’ պատէ
Մարդու հոգին…մաքրէ՜ հոգին:
Իսկ եթէ հարկ է անպայման ընտրել,
Իսկ եթէ մէ՜կ բան ընտրել է պէտք
Փրկութեանդ արժանաւոր,
Տէ՜ր,
Այդ մէկը թող ըլլայ խիղճը, խիղճը մարդկային։
Ու զօրութեամբդ ամենակալ
Աստուածային բարութեամբ պատէ
Խիղճը մարդկային,
Թող վերընձիւղուի, թող կենդանանայ
Ու միանգամընդմիշտ ծառանա՜յ
Այն աշխարհասփիւռ «մարդ»-վիշապն ի վեր,
Որուն ժանիքներուն մէջ ծուարած է այսօր
Երկրագունդն ամբողջ… երկրագունդին մէջ`
Կեանքին նոր բացուած քանի՜ երեխայ…
Կեանքի վերջալոյսին` քանի՜ ու քանի՜ դողդոջուն ծերուկ:
Արարիչ Տէրն մեր,
Բարի աչքդ դարձուր խիղճ կոչեցեալին։
Ամէ՜ն։