Սագօ Արեան: Այս Տանն Ապրել Է...
Բանաստեղծ ընկերոջս՝ որն ի Երեւան
Սուր անչափելի սառած սլաքներ կը մտնեն մէջս,
Տհոլի Հին ձայնն է։
Երէկ ուշ գիշեր,
«Դէլէ Լիպան» կը նայէի
Մինչ Դիմացս գրքեր կը քնանան,
Գիրքեր՝
Եղիա Տէմիրճիպաշ,
Դուրեան—Մուրեան
Տիրանը մուրն է հայ գրականութեան
Եւն եւն...
Գիրքերը հայերէն են,
Մինակ կը սառին
Էլիսարի մեր տան անկիւնը
Տաքցնող չունին ...
Լուռ բանաստեղծ կը սարքեն ինձմէ
Տիկնիկ կուզեն բոլորը.
Բոլորը կուզեն որ անուշիկ բառեր շարեմ,
Ու մենծ մամայի սինիին մէջ,
Սարը պուրմային հետ եփեմ
Եւ բոլորին հրամցնեմ.
Ամէն ինչ կը սկսի այդ սենեակէն,
Այդ ցուրտ սենեակէն
Ցուրտ է տունը...
Ցուրտ է սփիւռքը,
Անոր թաղերուն,
Անոր լոյսերուն
Եւ անոր ցուցափեղկերուն եղած դէմքդերը այնքան ապուշ են այսօր
Այնքան յիմար է ամէն ինչ
Որ կը զարմանամ,
Թէ Սագօ Արեանը սա սիքտիրճի թաղերուն մէջ ինչ գործ ունի.
Ծօ հէրն անիծածաս,
Ինչ գործ ունիմ հոս ..
Ամէն օր հաշիշամոլներուն դեղին երեսներուն կը նայիմ
Ու ինծի Հայերէն լեզուի մասին կը խօսին այս յիմարները
Պուրճ Համուտը 2008-ին
Գունդ է, ինչ է,
Կլոր հաշիշի ծուխ ամէն դի
Եւ եկուր՝ Յակոբ Մանուկեանի գրածները մարսէ,
Անոր հիւանդկախ բանաստեղծութիւնը մարսէ,
Անոր եւ անոր նմաններուն փսլնքոտ հայերէնը,
Եղծութիւնը մարսէ...
....
Յամի տեառն 2008-ին
Երբ պատերազմի նոր փողերը հնչեն
Ու այս Արշակաւանին մէջ գերիները
Տուն դառնան իրենց բանտերէն,
Կտրեն ճաղերը բանտերուն
Տեսնեմ ինչի տարի է պիտ ըսեն.
Տեսնեմ ինչ հաշիշի տարի է պիտ ըսեն ...
Յոյսի բռնաբարուած տարին է թող ըսեն ...։
....
Ես կատեմ այս քաղաքը
Այս քաղաքը ինծի ատելութիւն երգեր տուաւ միայն։
...
Ու զարմանքով, միայն զարմանքով կը նայիմ
Հիւանդկախ դէմքերուն,
Ամէնուրէք հիւանդկախ դէմքեր
Տրրիկ մտաւորականներու հաւաքածոյ մը ..
Թոբլամա բան մը,
Որ մեծ մամային,մեծ կաթսային մէջ դնեմ,
Սանկ լաւ մը խաշեմ ...
Միայն այդքան Վահէ Արսէն,
Ու թող ըսեն որ ես գեղեցիկի պաշտամունք չունիմ։
Ես ու դուն նուիրում չունինք Վահէ Արսէն,
Բարի աշակերտ կտրած ամէն գիշեր,
Աբալ— Թափալ տուն կը մտնեմ...
Լոյսը մարէ, ցուրտ է մրսում եմ ...
Քնել եմ ուզում, շուտ արա..
Ախոխա յոգնել եմ ....
Վահէ ճան ես նուիրում չունիմ,
Բանաստեղծութեան տոպրակը լեցուն է,
Գինով բառերով ու
Կը պայթի ամէն օր,
Այս ստոր քաղաքի մայթերուն վրայ...
Որուն կաղապարները իմ բանտն են,
Բանտ է կեանքը հիմա...
Ու չեմ գիտեր ինչ է վճարելիք գինը այս քաղաքին
Հէ՜յ Վահէ Արսէն,
Բանաստեղծութեան գինին կը վազէ,
Մեր երակներէն կը վազէ ...
Կը զգա՞ս...
Երազները մեր չեն մեռնիր այս մայթերուն վրայ ...
Ուր որ ըլլանք հոն պիտի ծագի գրականութեան արեւը։
Քիչ պիտի պոռամ այսօր,
Քիչ պիտի խմեմ...
Հօրս արեւ
Հայրս որ առանց Հայաստանը տեսնելու
Ինչ Հայաստաններ յօրինեց աչքերուս մէջ...
Չարենցի արցունքը կաթիլ չէ,
Կապար է,
Յիմարներու գլխուն...
....
Մեռնեմ ես,
Մեռնեմ
Թէ այս կեղծիքի դարուն,
Ձայնս բարձր սանկ դրռօշակի պէս կաղամարին մէջ՝
Յանուն արեան ու իրաւութեան չպարզեմ
Բոլոր ստախօսներուն դէմ .
Մեռնիմ ես ...
...
Վահէ Արսէն,
Մեռնիմ թէ երկրիս մէջ կաթիլ մը կապարէ արցունքի
Ու կտոր մը հացի հետ,
Սանկ քառատող մը չգրեմ,
Որ քաղաքը ինձմով խայտայ,
Որ քաղաքը հպարտօրէն,
Օր մը տանս ճակտին գրէ,
Վնաս չունի, արեւելահայերէն թոծ գրէ՝
Այս տանն ապրել է՝ Սագօ Արեանը։
Սագօ Արեան
Copyright Sako Aryan. Used here by kind permission of the author.