ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆ: Ծառը
Ես կ՛երթայի խորն ամայի դաշտերուն,
Ականջ տալու կէս-գիշերուան քրքիջին:
Պերճ ու հպարտ, խաղաղութեամբ մը խորունկ,
Ան կ՛երկարէր արտասուահիւծ աստղերուն
Բազուկներն իր հոլանի,
Զերթ պարմանի մ՛իր հարսին,
Գիշերին մէջ կը լսէի կարծես թէ
Ձայնն իր զուլալ համբոյրին…
Խորհրդանիշն էր ան Ոյժին ու Կեանքին…
Ու ես հաւատքն ունէի իր անմահութեան…
Փոթորիկին դէմ իր քրքիջով
Ան մտածումըս կը հանէր լեռնէ մը վեր…:
Օր մը յանկարծ մարդեր եկան
Խորն ամայի այն դաշտերուն,
Կացիններով, պարաններով…
Ուրուականնե՞ր էին կարմիր.-
Կը խնդային վհուկի պէս…:
Աստուած դարե՜ր աշխատեր էր անոր համար:
Այդ մարդերուն
Քանի մը ժամը բաւեց
Զայն խլելու իր յոգնաբեկ բազուկներէն….
Ա՛լ չգացի, երբ փոթորիկն եղաւ մռայ,
Խորն ամայի դաշտերուն.
Մտածումըս իջեր էր վա՜ր Լեռներէն…
Եւ անցեալ օր,
Մղում մ՛յամառ նորէն քայլերս ուղղեց հո՛ն,
Խորն ամայի այն դաշտերուն.
Եւ յուզումէս ինկայ ծունկի…
- Սեւ գերեզման մը խոժոռ,-
Բայց իր կողէն`
Արծուաթըռիչ նիզակներու խրոխտանքով`
Բարունակներ ժայթքեր էին դէպի երկինք:
Նորափետուր թռչուններ ե՜րգ կ՛երգէին…: